Այլ

Արամ Ա-ն վերահաստատել է աջակցությունը

Արամ Ա-ն վերահաստատել է աջակցությունը

Արամ Ա Վեեհափառը ընդունել է Երուսաղեմի Ղպտի առաջնորդին.
«Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Երուսաղէմի ղպտի առաջնորդ Անթոնիոս Արքեպիսկոպոսը՝ ընկերակցութեամբ ղպտի համայնքի հոգեւորականներու։

Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները։ Ապա, ան Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ներկայ մտահոգութիւններուն մասին։

Հայրապետը ողջունելով արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը՝ շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերիմ յարաբերութիւնը՝ իբրեւ դաւանակից եկեղեցիներ։ Ան իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, միաժամանակ իր գնահատանքը արտայայտելով Հայ Պատրիարքութեան եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան համար։

Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան»:

Լրահոս

Ամենաընթերցված

×
Gallery Image